Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հակաահաբեկչական գործողութեան ընթացքին Ռուսիոյ Պելկորոտի շրջանի տարածք ներխուժած աւելի քան 70 ուքրանացի ահաբեկիչներ ոչնչացուած են օդուժի, հրետանիի եւ ռուսական ստորաբաժանումներու կողմէ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր, զօրավար-հազարապետ Իկոր Քոնաշենքով յայտնած է, որ ներխուժողներէն մէկ քանիին ետ մղած են Ուքրանիոյ տարածք եւ այնտեղ ոչնչացուցած: «Մնացեալ ազգայնականները ետ շպրտուած են Ուքրանիոյ տարածք, ուր անոնց դէմ շարունակուած են կրակել, մինչեւ որ անոնք ամբողջութեամբ չէզոքացուած են: Ոչնչացուած են աւելի քան 70 ուքրանացի ահաբեկիչներ, 4 զրահապատ մարտական մեքենայ եւ 5 փոքր փոխադրակառք», աւելցուցած է Քոնաշենքով:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ ներխուժման նախորդած էին «Քոզնիքա» միջազգային անցակէտի, ինչպէս նաեւ Պելկորոտի մարզի Կրայվորոնսքի շրջանի շարք մը այլ քաղաքային կառոյցներու աշխուժ գնդակոծութիւնները:
Ըստ Քոնաշենքովի, «ուքրանական ազգայնական կազմաւորման ստորաբաժանումը» Ռուսիոյ տարածք ներխուժած է 22 մայիսին: Մարզին մէջ յայտարարուած է հակաահաբեկչական գործողութեան դրութիւն:
Պելկորոտի նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքով Կրայվորոնսքի շրջանի տարհանուած բնակիչներուն յորդորած էր առայժմ չվերադառնալ իրենց տուները:
Ուքրանական լրատուամիջոցները, անդրադառնալով Պելկորոտի մէջ տիրող կացութեան, կը նշեն, որ մարզի տարածք ներխուժած են Ռուսիոյ վարչակարգին դէմ եղող ռուս փարթիզանները:


