Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրենց հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատած են բոլոր միացեալ նախագիծերուն վրայ աշխատելու քաղաքական կամքը: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուա՞ծ է կազային հանգոյցի շուրջ համագործակցութիւնը, հացահատիկի գործարքը եւ Ուքրանիոյ տագնապը, Տիմթրի Փեսքով ըսած է. «Ոչ, մանրամասն քննարկումներ չեն եղած: Եղած է թէ՛ մտադրութիւններու, թէ՛ քաղաքական կամքի հաստատում` շարունակելու այդ խօսակցութիւններն ու մանրամասն քննարկումները: Այդ է գլխաւորը: Իսկապէս, մեր յարաբերութիւններու ներուժը մեծ է: Եւ մենք պէտք է զայն օգտագործենք ամբողջ թափով»:
Նախապէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 29 մայիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ շնորհաւորած զինք նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին յաղթանակին համար: