Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Թուրքիան Պէտք Է Անյապաղ Վաւերացնէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Համաձայնագիրը»

June 2, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ը յուլիսին նախատեսուած իր վեհաժողովի ընթացքին ողջունէ Շուէտի անդամակցութիւնը:

Պլինքըն Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Քրիսթերսոնի հետ հիւսիսային Շուէտի Լոյլօ քաղաքին մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այժմ ժամանակը հասաւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերջին պատշաճեցումները կատարելու»:

Ան նշեց, որ Շուէտը Թուրքիոյ արտայայտած անվտանգութեան մտավախութիւնները լուծելու համար նկատառելի քայլեր որդեգրեց եւ «բազմաթիւ անգամներ» փաստեց դաշինքին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

«Կը կարծենք, որ ժամանակը եկած է, եւ յառաջ չշարժելու որեւէ պատճառ չկայ», ըսաւ ան:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ, որ եւս չէ վաւերացուցած (Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու մասին) փաստաթուղթը, շուտափոյթ կերպով հաստատելու զայն: Շուէտը պատրաստ է դաշինքին անդամակցելու, եւ խոչընդոտներ յարուցելու որեւէ պատճառ չկայ: Այս որոշումը կայացնելու պահը հիմա է», յայտարարեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, երեքշաբթի օր Շուէտի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մօտիկ քրտամէտ գործիչներու ցոյց մը դժգոհութիւն պատճառեց Թուրքիոյ:

Քրտական խմբաւորումներուն զօրակցող շուէտական «Ռոժաւա» յանձնախումբը երկուշաբթի օր` Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլէն մէկ օր ետք, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ տեսերիզ մը, ուր Շուէտի խորհրդարանի շէնքին վրայ կ՛երեւի ՔԱԿ-ի դրօշը:

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ֆահրեթթին Ալթուն «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Բացարձակապէս անընդունելի է, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկիչները ազատօրէն գործեն ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան թեկնածու Շուէտի մէջ»: Ան աւելցուց. «Շուէտական իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք հետաքննել այս միջադէպը եւ հաշուետուութեան ենթարկել անոր հեղինակները»:

Թրքական կառավարութիւնը նախապէս Շուէտէն պահանջեց արգիլել կիրակի օր` Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան օրը Սթոքհոլմի մէջ քիւրտերուն աջակցութեան ցոյց մը, մինչ Շուէտի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աւելի խիստ օրէնք մը երէկ ուժի մէջ մտաւ:

 

Նախորդը

Նարիշքին. «Միացեալ Նահանգներ Ահաբեկչական Յարձակումներ Կը Նախապատրաստեն Սուրիոյ Մարդաշատ Վայրերուն Եւ Պետական Հաստատութիւններուն Մէջ»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Ընդգծած Են Եռակողմ Համաձայնութիւններու Հետեւողական Իրականացման Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.