Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհաքաղաքական Կացութեան Վատթարացման Լոյսին Տակ. Ռուսիան Եւ Միացեալ Նահանգները Աւելցուցած Են Տեղակայուած Հիւլէական Մարտագլուխներու Թիւը

June 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւլէական տէրութիւնները աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական կացութեան վատթարացման լոյսին տակ կը մեծցնեն տեղակայուած հիւլէական մարտագլուխներու թիւը: Այս մասին կը յայտնէ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիւլէական հետազօտութիւններու հիմնարկը:

Ըստ զեկուցումին, յունուար 2023-ի դրութեամբ 12512 մարտագլուխէն շուրջ 9576-ը պահուած է հաւանական օգտագործման համար, ինչ որ 86-ով աւելի է յունուար 2022 թուականի ցուցանիշէն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած մարտագլուխներու թիւը  1744-էն 1770-ի հասած է, իսկ Ռուսիոյ Դաշնութեանը` 1588-էն 1674-ի: Ընդհանուր առմամբ, շուրջ 2000 մարտագլուխ, որոնք գրեթէ բոլորը կը պատկանին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն, կը գտնուին բարձր զգօնութեան վիճակի մէջ, այսինքն` անոնցմով հրթիռներ յագեցուած են կամ ռազմավարական օդուժի ռազմակայաններու մէջ տեղադրուած:

Յունուար 2023-ին տեղակայուած մարտագլուխներու քանակով յառաջատարներն են Միացեալ Նահանգները` 1770 (յունուար 2022-ին 1744 էր), Ռուսիան` 1674 (յունուար 2022-ին 1588 էր), Ֆրանսան` 280 (յունուար 2022-ին եւս 280 էր), Բրիտանիան` 120 (յունուար 2022-ին եւս 120 էր):

Ռուսիան զգալիօրէն կը գերազանցէ Միացեալ Նահանգները պահեստաւորուած մարտագլուխներու քանակով` 2815 1938-ի դիմաց:

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած եւ պահուող մարտագլուխներու ընդհանուր թիւը չէ փոխուած (3708): Ռուսիոյ մէջ այդ ցուցանիշը 4477-էն հասած է 4489-ի, մարտագլուխներու ընդհանուր թիւը, ներառեալ շահագործումէն դուրս բերուածները, Միացեալ Նահանգներու համար 5244 է (-184), իսկ Ռուսիոյ համար` 5889 (-88):

Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի վրայ հրթիռներու եւ օդանաւերու վրայ տեղակայուած է շուրջ 3844 մարտագլուխ:

9 հիւլէական տէրութիւն` Բրիտանիան, Իսրայէլը, Հնդկաստանը, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Փաքիստանը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, կը շարունակեն արդիականացնել իրենց հիւլէական զինանոցները: Անոնցմէ ոմանք 2022-ին տեղակայած են նոր սպառազինութեան համակարգեր, որոնք յագեցած են կամ կրնան օգտագործել հիւլէական զէնքեր:

Չինաստանը իր հիւլէական զինանոցը 350 մարտագլուխէն հասցուցած է 410-ի: Խօսքը պահեստաւորուած զէնքի մասին է: Շուէտական հիմնարկին կարծիքով, չինական թեւաւոր հրթիռներու թիւը մինչեւ տասնամեակի վերջը կրնայ հաւասարիլ Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու քանակին:

Հնդկաստանն ու Փաքիստանը ընդլայնած են իրենց հիւլէական զինանոցները եւ շարունակած մշակել նոր համակարգեր: Նիւ Տելհին կ՛աշխատի նաեւ հեռահար համակարգերու ստեղծման վրայ, ներառեալ այնպիսի համակարգեր, որոնք կրնան Չինաստանի մէջ թիրախներ խոցել:

Իսրայէլը, որ պաշտօնապէս չի ճանչնար հիւլէական զէնքի գոյութիւնը, փորձագէտներու կարծիքով, իր կարգին կ՛արդիականացնէ իր զինանոցը:

 

Նախորդը

Ֆրանսան Ոգեւորուած Չէ Ճափոնի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Գրասենեակ Ստեղծելու Առաջարկով

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Կրնայ Պայտըն-Էրտողան Հանդիպում Տեղի Ունենալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.