Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Ոգեւորուած Չէ Ճափոնի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Գրասենեակ Ստեղծելու Առաջարկով

June 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Japan’s Prime Minister Fumio Kishida (L) welcomes France’s President Emmanuel Macron at the Peace Memorial Park as part of the G7 Leaders’ Summit in Hiroshima on May 19, 2023. (Photo by Jacques Witt / POOL / AFP)

Ֆրանսան ոգեւորուած չէ Ճափոնի մէջ կապի գրասենեակ բանալու ՕԹԱՆ-ի առաջարկով: «Արապիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ֆրանսացի պաշտօնատար մը` աւելցնելով, որ այդ քայլը դաշինքը պիտի հեռացնէ իր հիմնական կեդրոնէն:

Եղած են առաջարկներ, որոնց մասին վերջերս ակնարկած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Թոքիոյի մէջ գրասենեակ բանալու վերաբերեալ` ի պատասխան «Չինաստանի կողմէ առաջադրուած աճող մարտահրաւէրի»:

«ՕԹԱՆ (կը նշանակէ) Հիւսիսատլանտեան, (անոր կանոնագրութեան) թէ՛ 5-րդ յօդուածը, թէ՛ 6-րդ յօդուածը յստակօրէն կը սահմանափակեն գործունէութիւնը դէպի հիւսիսատլանտեան ովկիանոս», ըսած է ֆրանսացի պաշտօնատարը` խնդրելով չհրապարակել իր անունը:

«Շրջանի ոչ մէկ երկրի մէջ ՕԹԱՆ-ի կապի գրասենեակ կայ: Եթէ ՕԹԱՆ-ը շրջանին մէջ կացութեան իրազեկման կարիք ունի, ան կրնայ օգտագործել դեսպանատուները, որոնք ձեւաւորուած են իբրեւ հաղորդակցութեան կէտ», աւելցուցած է պաշտօնատարը` արձագանգելով «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթեթին մէջ առաջին անգամ հրապարակուած յօդուածին:

Ֆրանսացի պաշտօնատարները նաեւ դժգոհ են, որ հարցը մամուլին մէջ յայտնուած է նախքան ՕԹԱՆ-ի անդամներուն միջեւ լիարժէք խորհրդակցութիւնները:

Այս տարուան սկիզբը Մաքրոն բարձրաստիճան պետական այցելութիւն տուած էր` նախագահ Շի Ճինփինկի օրով Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները խթանելու համար, այնուհետեւ առաջարկելով, որ Եւրոպան պէտք է հեռու մնայ Թայուանի շուրջ Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութենէն:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Խումբը Յաղթեց Հուփսին

Յաջորդը

Աշխարհաքաղաքական Կացութեան Վատթարացման Լոյսին Տակ. Ռուսիան Եւ Միացեալ Նահանգները Աւելցուցած Են Տեղակայուած Հիւլէական Մարտագլուխներու Թիւը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.