Ուքրանիան յայտարարած է, որ երկրին հարաւ-արեւելքը իր վերահսկողութեան տակ առած է 3 գիւղ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Թաւրիայի ուղղութեամբ պաշտպանութեան ուժերու միացեալ մամլոյ կեդրոնի բանբեր Վալերի Շերշեն յայտարարած է, որ կ՛երեւին «հակայարձակման առաջին յաղթանակները, տեղական արդիւնքները»:
Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, ընկերային հարթակներու վրայ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ ուքրանական զօրքերը յաղթանակ կը տօնեն Տոնեցքի մարզի Պլակոտաթնոյէ եւ Նեսքուչնոյէ բնակավայրերուն մօտ:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիար իր կարգին աւելի ուշ յայտարարած է, որ ուքրանական ուժերը ետ գրաւած են Մաքարովքա բնակավայրը եւ առաջնագիծի հարաւային մասին մէջ 300 մեթրէն մինչեւ 1,5 քիլոմեթր յառաջացած են:
Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ առաւօտեան իր տեղեկագիրին մէջ չէ նշած գիւղերու գրաւման մասին, փոխարէնը յայտարարած է, որ ռուսական օդուժը հարուածներ հասցուցած է Պլակոտաթնոյէ, Նեսքուչնոյէ, Զոլոթայա Նիվա եւ այլ բնակավայրերուն:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած էր, թէ ուքրանական ուժերը հակայարձակումի սկսած են, սակայն մերժած էր նշել, թէ հակայարձակումը ո՛ր փուլին մէջ է:
Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին երէկ յայտնեց, որ ռուս զինուորները յաջողութեամբ ետ կը մղեն «Քիեւի արիւնոտ վարչակարգի զօրքերու` ՕԹԱՆ-ի աջակցութեամբ իրականացուող հակայարձակումը»:


