Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի Միլանոյի հիւանդանոցի մը մէջ մահացած է: Այս մասին կը հաղորդեն իտալական լրատուամիջոցները:
Իտալական քաղաքականութեան վեթերան, «Յառաջ, Իտալիա» կուսակցութեան հիմնադիր եւ մնայուն ղեկավար Սիլվիօ Պերլուսքոնին, որ երեք անգամ գլխաւորած է Իտալիոյ կառավարութիւնը, մահացած է 87 տարեկանին: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթը:
Ան վերջին շրջանին քանի մը անգամ հիւանդանոց տեղափոխուած էր:


