Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ 11 յունիսին բանակցային հոլովոյթի հիմամբ ուքրանական գերութենէն վերադարձուած է 94 ռուս զինուոր:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մանրամասնած է, որ «գերութեան մէջ անոնք մահուան սպառնալիքի տակ» էին:
«Քոմմերսանթ» կը գրէ, որ նախարարութենէն յայտնած են, որ վերադարձած բոլոր զինուորները պիտի տեղափոխուին բժշկական հաստատութիւններ:
Մինչդեռ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երման յայտնած է, որ փոխանակման հիմամբ երկիր վերադարձած է 95 ուքրանացի զինուոր:


