Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մաքրոն Ոչ Պատշաճ Հիւր Է Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Տեղի Ունենալիք ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովին» Կ՛ըսէ Ռիապքով

June 23, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը ոչ պատշաճ հիւր կը նկատէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունենալիք ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին: Այս դիրքորոշումը երէկ փոխանցուած է վեհաժողովը հիւրընկալող երկրին: Երէկ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

«Հասկնալի է, որ մեզի համար նման թշնամական եւ անընդունելի քաղաքականութիւն վարող պետութեան ղեկավարը, որ այնքան ընդգծուած համոզուած է, որ Ռուսիան անհրաժեշտ է գործօն կերպով մեկուսացնել միջազգային ասպարէզին մէջ, կը կիսէ մեզ, այսպէս կոչուած, ռազմավարական պարտութեան մատնելու ՕԹԱՆ-ի գիծը, նման ղեկավարը պատշաճ չէ իբրեւ ՊՐԻՔՍ-ի հիւր», Սոչիի մէջ լրագրողներու ըսաւ ռուս փոխնախարարը:

«Մենք չենք թաքցներ մեր այս դիրքորոշումը, մենք այդ մասին ըսած ենք Հարաւային Ափրիկէի մեր գործընկերներուն եւ յոյսով ենք, որ մեր տեսակէտը ամբողջութեամբ հաշուի կ՛առնուի», շեշտեց ան:

Ռիապքով նշած է. «Հիւրընկալող երկրի գործն է որոշել հրաւիրեալներու շրջանակը»:

«Հիւրընկալող կողմը կ՛որոշէ, թէ զո՛վ պիտի ընդունի եւ ի՛նչ ձեւաչափով: Սակայն ոչ նուազ կարեւոր է, որ հրաւէրին նախորդեն ՊՐԻՔՍ-ի բոլոր մասնակիցներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները», ըսաւ փոխնախարարը:

«ՊՐԻՔՍ-ի ընդլայնման չափանիշերը որոշ ժամանակ քննարկուած են, եւ ընկերակցութեան միանալու թեկնածուները պէտք է հետեւին քաղաքականութեան, որ կը բացառէ միակողմանի պատժամիջոցներու կիրարկումը ընկերակցութեան գործօն անդամներէն ոեւէ մէկուն նկատմամբ», աւելցուց ան:

«Հասկնալի է, որ Ֆրանսան չի համապատասխաներ այդ չափանիշին… ան բոլորովին հակառակ գիծ կ՛որդեգրէ», ընդգծած է Ռիապքով:

Նախապէս «Լ՛Օփինիոն»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ հաղորդած էր, որ Մաքրոն Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրլի Ռամաֆոսայէն հետաքրքրուած է, թէ արդեօք կարելիութիւն կա՞յ մասնակցելու ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Դադրեցնէ Օդակայաններուն Մէջ Իրանի Քաղաքացիներուն Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Այսրյորդանանի Մէջ Բռնարարքներու Նկատմամբ Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.