Փութինի կողմէ մարտավարական հիւլէական զէնքի կիրարկման վտանգը իրական է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Քալիֆորնիոյ մէջ ընտրարշաւի նուիրատուներու հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Երկու տարի առաջ, երբ ես կրկին այստեղ էի եւ յայտարարեցի, որ զիս կը մտահոգէ Քոլորատօ գետի հաւանական ցամաքումը, բոլորը ինծի այնպէս կը նայէին, կարծես ես խենթացած եմ: Հիմա ինծի նոյն հայեացքով կը նային, երբ ես կ՛ըսեմ, որ զիս կը մտահոգէ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ մարտավարական հիւլէական զէնքի կիրարկման կարելիութիւնը: Իսկ ատիկա իրական է», պնդած է Պայտըն:


