Ասթանայի ձեւաչափով 20-րդ ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երաշխաւոր երկիրները կը վերահաստատեն Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան, միութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ուխտի նպատակներուն ու սկզբունքներուն նկատմամբ իրենց հաստատ յանձնառութիւնը:
Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուած ժողովին մասնակից երկիրները յայտարարեցին, որ Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրները կը վերանորոգեն ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարը շարունակելու իրենց վճռականութիւնը եւ կը մերժեն անջատողական օրակարգերը, որոնց նպատակը Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը ականահարելն է:
«Երաշխաւոր երկիրները կը դատապարտեն տարբեր անուններով կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ զինեալ խմբաւորումներու Սուրիոյ մէջ գործունէութիւնը եւ կը վերանորոգեն սուրիական քարիւղին տիրանալու ապօրինի գործողութիւններու իրենց մերժումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ժողովի մասնակիցները նաեւ դատապարտեցին Սուրիոյ հողերուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները, «որոնք միջազգային օրէնքի, Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ոտնահարում կը նկատուին»:
Անոնք ընդգծեցին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար բարի դրացնութեան հիմամբ» վերականգնման ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Ղազախստան Կ՛առաջարկէ, Որ Ասթանայի
Ժողովը Այս Ձեւաչափով Վերջինը Ըլլայ
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջարկեց, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի ժողովը այս ձեւաչափով վերջինը ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:
Ղազախստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քանաթ Թումիշֆի Ասթանայի ձեւաչափով 20-րդ ժողովի աւարտին յայտնեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք տագնապի լուծման հոլովոյթին մասնակցող պատուիրակութիւններուն բոլոր ջանքերուն համար: Սուրիոյ շուրջ կացութիւնը արմատականապէս կը փոխուի, եւ անոր ցուցանիշներէն է արաբական երկիրներու անոր հետ յարաբերութիւններու վերականգնումն ու Դամասկոսի Արաբական լիկա վերադարձը»:
«Սուրիոյ տագնապէն դուրս գալը կրնանք նկատել Ասթանայի հոլովոյթի ձեռքբերումներէն մէկը: Սուրիոյ մէջ արձանագրուող դրական զարգացումներուն լոյսին տակ կոչ կ՛ուղղենք, որ այս ժողովը Ասթանայի հոլովոյթին մէջ վերջինը ըլլայ», աւելցուց Ղազախստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը: