Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մարզին Մէջ 3 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Վար Առնուած Են

June 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզի Նարօ-Ֆոմինսք շրջանին մէջ ելեկտրոնային պատերազմի սարքերու օգնութեամբ երեք անօդաչու թռչող սարքեր վար առնուած են: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են իրաւապահ մարմինները:

«Նոր Մոսկուայի մէջ` Լուքինօ գիւղին մօտ գտնուող դաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մարզի Թաման զօրամասի (տեղակայման) տարածքին մէջ, ելեկտրոնային պատերազմի միջոցով խոցուած են երեք անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք ինկած են` առանց որեւէ առարկայ վնասելու: Բեկորները պիտի ուղարկուին փորձաքննութեան», ըսած է աղբիւրը:

Ան նշեց, որ նախնական տուեալներով միջադէպին պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Մոսկուայի մարզի նահանգապետ Անտրէյ Վորոպիով մանրամասնած է, որ Նարօ-Ֆոմինսք շրջանի Քալինինեց գիւղին մէջ երկու անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են: Ան «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է, որ մօտաւորապէս ժամը 5:30-ին եւ 5:50-ին մարտական հակազդեցութեան շնորհիւ երկու անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են զօրամասերէն մէկուն պահեստին մօտենալուն ընթացքին, բեկորները յայտնաբերուած են, նիւթական վնասներ եւ զոհեր չկան:

Վորոպիով աւելցուցած է, որ տարածքը ստուգում կատարելու համար շրջափակուած է: «Բնակիչներէն կը խնդրեմ հանգստութիւնը պահպանել», յորդորած է ան:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Անօդաչու թռչող սարքերով Մոսկուայի շրջանին վրայ յարձակումներ գործելու Ուքրանիոյ փորձը ձախողութեան մատնեցինք: Անոնք վար առնուեցան»:

 

 

 

Նախորդը

«Թայթանիք»-ը Տեսնելու Մեկնած Եւ Անհետ Կորսուած Սուզանաւի Որոնումներու Ընթացքին Ձայներ Լսուած Են

Յաջորդը

«Մենք Գիտենք, Որ Ուքրանիոյ Հակայարձակումը Ծանր Պայքար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Փենթակոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.