Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «իր խոր մտահոգութիւն»-ը յայտնեց Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ` նշելով, որ պաղեստինեան գիւղի մը դէմ իսրայէլեան յարձակումի վերաբերեալ տեղեկութիւնները «մտահոգիչ են»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել մէկ օր առաջ Իլի իսրայէլեան բնակեցման վայրին մէջ 4 իսրայէլացիներու սպանութիւնը դատապարտելէ ետք յայտնեց. «Վերջին ամիսներուն Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգանք»:
Նշենք, որ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի հիւսիս- արեւելքը գտնուող Թարմասաայա գիւղին վրայ իսրայէլացի բնակեցուածներու յարձակումին պատճառով պաղեստինցի մը սպաննուեցաւ: Ըստ գիւղի բնակիչներուն, յարձակումին մասնակցած են 200-300 բնակեցուածներ: