Լեհաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Փաւել Եապլոնսքի յայտնած է, որ «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութեան զինեալները փորձած են Պիելոռուսիայէն Լեհաստան մուտք գործել: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ըստ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին, Եապլոնսքի ըսած է. «Պիելոռուսիայէն իսկական սպառնալիք մը գոյութիւն ունի: «Վակներ» խմբաւորման զինուորները կը փորձէին Լեհաստանի հողեր ներթափանցել»:
«Լեհաստանը սահմանին վրայ նոր յարձակումներ կը նախատեսէ, եւ թերեւս երկրի օդային տարածքը ոտնահարելու նոր փորձեր», յայտնած է ան` ընդգծելով, որ Լեհաստանը «անտարբեր պիտի չմնայ»:
«Լեհական իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի ուժեր կ՛ուղարկեն սահմանային շրջան», աւելցուց Եապլոնսքի` նշելով, որ Լեհաստան կը սերտէ Պիելոռուսիոյ հետ սահմանը փակելու ընտրանքը` իբրեւ վերջնական լուծում, «եթէ կայունութեան քայքայման փորձերը շարունակուին»:


