Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետը պաշտօնապէս հրաւիրեց Թեհրան:
Էմիրաթական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆա Շահին Մըր նախագահ Ռայիսիին կողմէ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանին Իրան այցելելու հրաւիրագիրը ստանձնած է:
Հրաւիրագիրը էմիրաթական կողմին փոխանցուած է Մըրի` Ապու Տապիի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Ռիտա Ամրին ընդունելուն ընթացքին:


