Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն հսկայական աշխատանք կը կատարէ «այդտեղ» տիրող շատ դժուար հանգամանքներու մէջ: Այս մասին գրած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Կարեւոր է, որ անոնք կարենան ազատ գործել: Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն կը վերաբերի անոնց զգուշացումներուն», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քլաար: