Նիկերի մէջ զինուորական յեղաշրջումի հազարաւոր կողմնակիցներ հաւաքուած են երկրի մայրաքաղաք Նիամէյի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ` բողոքելու համար Փարիզի կողմէ երկրին տրամադրուող օժանդակութեան դադրեցման դէմ: Ցուցարարներէն ոմանք փորձած են շէնք ներխուժել: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Նշենք, որ ցուցարարները ռուսական դրօշներ բարձրացուցած էին: Անոնք վար առած են դեսպանատան ցուցանակը, վրան կոխած եւ անոր տեղ դրած Ռուսիոյ դրօշը, ինչպէս նաեւ բացագանչած. «Կեցցէ՛ Ռուսիան, անկցի՛ Ֆրանսան»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Նիկերի մէջ իր դեսպանատան շուրջ արձանագրուած բռնութիւնները եւ պահանջեց պաշտպանել դեսպանատան շէնքը:
«Վիեննայի հռչակագիրին համաձայն, Նիկերի իշխանութիւնները պարտաւորութիւն ունին ապահովելու մեր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ծառայութիւններու անվտանգութիւնը», յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Էլիզէի պալատը իր կարգին յայտարարեց. «Նիկերի մէջ ֆրանսացի քաղաքացիներու կամ շահերու վրայ որեւէ յարձակում (Ֆրանսայի կողմէ) անմիջական ու վճռական հակազդեցութեան պիտի արժանանայ»:
Նշենք, որ 26 յուլիսին Նիկերի մէջ զինուորական յեղաշրջում տեղի ունեցած էր: 29 յուլիսին Նիկերի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զօրավար Ապտուռահման Չիանին ստանձնած է Հայրենիքի փրկութեան ազգային խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնը եւ հռչակուած երկրի նոր նախագահ: Երկրի օրինական նախագահ Մոհամետ Մոհամետ Պազումին կալանաւորուած է:
Նիկերի Հայրենիքի փրկութեան ազգային խորհուրդի կազմին մէջ են քանի մը բարձրաստիճան զինուորականներ, ներառեալ բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, զօրավար Սալիֆ Մոտին, որ ապրիլին պաշտօնազրկուած էր: