Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, եւ աւելցուց, որ Թեհրանի ու Ռիատի յարաբերութիւնները մնայուն զարգացման մէջ են:
«Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն Ռիատ պիտի այցելէ, սէուտցի պաշտօնատարներու կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին հիմամբ, եւ մենք երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուած տարբեր նիւթեր ունինք, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու, շրջանային եւ միջազգային ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակցութեան կիրարկման, եւ երկու երկիրները հետաքրքրող տնտեսական նիւթեր ունինք», ըսաւ ան:
Քենաանի յայտնեց, որ Ապտոլլահեան տնտեսական թղթածրարին շուրջ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ իրենց նախորդ ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է, եւ այդ հարցը «այցելութեան օրակարգին վրայ է»:
«Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հրաւէրը պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ նախագահին (Ռայիսիին, «Ա.»), եւ ատոր ժամկէտ չճշդուեցաւ, եւ վստահաբար ատիկա կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւնները կնքելու քաղաքական կամքին ծիրին մէջ, իսկ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները դէպի յառաջդիմութիւն եւ զարգացում կ՛ուղղուին», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


