Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը այս տարուան մարտին հրապարակած էր հետաքննութիւն մը, որուն համաձայն, ազրպէյճանական բեռնատար օդանաւերը 2016 թուականէն մինչեւ 2023 թուականի մարտ առնուազն 92 անգամ էջք կատարած են Իսրայէլի «Օվտա» ռազմակայան:
Ազրպէյճանական օդանաւերու այդտեղ էջքը ուշագրաւ է, որովհետեւ «Օվտա»-ն, «Հաարեց»-ի համաձայն, Իսրայէլի մէջ միակ օդակայանն է, որուն միջոցով օդային ճամբով պայթուցիկներ կը ներածուին Իսրայէլ կամ այնտեղէն կ՛արտածուին:
«Հետք»-ը իր կարգին ուսումնասիրած է «Հաարեց»-ի հրապարակումէն ետք կայացած նոյնատիպ թռիչքները եւ գտած, որ ապրիլ-յունիս ամիսներուն դէպի «Օվտա» յաւելեալ 4 թռիչքներ կատարուած են:
Մեկնելով օդակայանի բացառիկութենէն` կարելի է ըսել, որ անիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի զարգացած ռազմարդիւնաբերութիւն ունեցող Իսրայէլի եւ այս ոլորտին մէջ անոր գործընկեր երկիրներուն համար:
«Հաարեց» կը նշէ, որ Իսրայէլի գլխաւոր` Թել Աւիւի «ՊենԿորիոն» օդակայանին միջոցով պայթուցիկներու տեղափոխումը արգիլուած է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի խիտ բնակեցուած գօտիի մէջ: Փոխարէնը պէտք է նկատել, որ «Օվտան» երկրի հարաւային անապատային հատուածի մէջ է` Էյլաթ քաղաքէն շուրջ 45 քիլոմեթր հիւսիս:
1980 թուականին կառուցուած «Օվտա»-ն նախապէս ոչ միայն օդուժին կը ծառայէր, այլ նաեւ կ՛ընդունէր քաղաքային թռիչքներ` սպասարկելով Էյլաթ քաղաքին ու յարակից բնակավայրերուն: Սակայն 2019 թուականէն անիկա միայն զինուորական օդակայան է` ռազմակայան:


