Զայրացած թուրք կիպրացիներ երէկ բռունցքով եւ աքացիով հարուածեցին ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահներուն:
«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի տրամադրութեան տակ անցած տեսերիզ մը ցոյց տուած է, որ մեծաթիւ թուրք կիպրացիներ կը մօտենան շատ աւելի փոքրաթիւ ՄԱԿ-ի սլովաք եւ բրիտանացի խաղաղապահներուն, որոնք կը փորձեն զանոնք ետ պահել ապազինեալ գօտիէն:
Կարգ մը խաղաղապահներ դէմքերնէն հարուածներ ստացած են, մինչ թեւ-թեւի անցուցած փորձած են ետ մղել յառաջ շարժող թուրք կիպրացիները:
ՄԱԿ յայտնած է, որ երեք զինուորներ վիրաւորուած են:
Ըստ թրքական աղբիւրներուն խաղաղապահները փորձած են արգելք հանդիսանալ «մարդասիրական ճամբու» մը կառուցման որ պիտի ծառայէ մատակարարելու Փիլայի մէջ թուրք կիպրացիները:
«Սայփրըս Մէյլ» իր կարգին հաղորդեց, որ Կիպրոսի մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները «լուրջ մտահոգութիւն» յայտնած են դէպի ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող ապազինեալ գօտի տանող չարտօնուած ճամբու մը շինարարական աշխատանքներու նախաձեռնումին նկատմամբ: Անոնք դատապարտեցին խաղաղապահներուն դէմ յարձակումներն ու ՄԱԿ-ի ինքնաշարժներուն հասցուած վնասները: «ՄԱԿ-ի խաղաղապահներուն անվտանգութեան սպառնալիքներն ու ՄԱԿ-ի սեփականութեան վնասումը միջազգային օրէնքին համաձայն լուրջ յանցագործութիւն է», նշեցին անոնք եւ այդ արարքները «ամբողջովին անընդունելի նկատեցին»:
«Մասնաւորաբար ափսոս է, որ այս արարքները կը շարունակուին, հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը այդ շրջանին մէջ թուրք կիպրական մտահոգութիւնները բաւարարող առաջարկ մը ներկայացուցած է», աւելցուց երեք դեսպանատուներուն հաղորդագրութիւնը:
Երեք դեսպանատուները թուրք կիպրական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին անմիջապէս դադրեցնելու շինարարական աշխատանքը:


