Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտնեց. «Իսրայէլ պիտի չարտօնէ Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ սէուտական դիւանագիտական առաքելութիւն բանալ»:
Իսրայէլեան «Ի24նիուզ» կայքին համաձայն, այս որոշումը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ` Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ Երուսաղէմի մէջ չհաստատուած իր առաջին դեսպանն ու հիւպատոսը յայտարարելէն ետք:
Քոհեն աւելցուցած է. «Անոնք մեր արտօնութիւնը խնդրելու կարիքը չունին, մեզի հետ չխորհրդակցեցան եւ ատոր կարիքը չունին, սակայն դիւանագիտական որեւէ առաքելութեան բացումը բացարձակապէս պիտի չարտօնենք»:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ այս որոշումը պայմանաւորուած է Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութեամբ` ընդգծելով. «Պետութիւններուն հիւպատոսարաններ բանալ չենք արտօներ, ատիկա մեր դիրքորոշման հակառակ է»:
Քոհեն իր խօսքը եզրափակելով ըսած է, որ կարելի է յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններու հասնիլ: «Խնդիրը բարդ է, սակայն իրագործելի է», նշած է ան` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ շահերը Իսրայէլի շահերէն նուազ կարեւոր չեն, 9-էն 12 ամսուան առիթ ունինք զայն ամբողջացնելու, որովհետեւ այդ ժամանակէն ետք, Միացեալ Նահանգներ ընտրական արշաւով զբաղած պիտի ըլլան»:
Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Պաղեստինեան դատին շուրջ կարելի է փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացնել»:


