Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանը «լարուած ռումբ» կոչած է` անոր դիմագրաւած հետզհետէ աճող տնտեսական մարտահրաւէրներուն պատճառով, եւ նշած, որ երկիրը դժուարութեան մէջ է տնտեսական տկար աճի պատճառով: Այս մասին հաղորդեց «Տը Կարտիըն»-ը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը մատնանշած է Չինաստանի մէջ գործազրկութեան բարձր համեմատութիւնն ու ծերացող աշխատուժը, եւ ըսած. «Չինաստանը դժուարութեան մէջ է»:
«Անոնք որոշ խնդիրներ ունին: Ատիկա լաւ չէ, որովհետեւ երբ վատ մարդիկ խնդիրներ կ՛ունենան, անոնք վատ բաներ կ՛ընեն», ըսած է Պայտըն Եութայի մէջ քաղաքական դրամահաւաքի ժամանակ:
Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծած է, որ ինք չ՛ուզեր վնասել Չինաստանին եւ կ՛ուզէ այդ երկրին հետ ողջամիտ յարաբերութիւններ հաստատել:


