Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտարարեց. «Իսրայէլ կամ Կազա մարտական ուժեր ուղարկելու մտադրութիւն կամ ծրագիրներ բացարձակապէս չունինք»:
«Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Կազայի մէջ անոր պատերազմին մէջ խորհրդատուութիւն, աջակցութեան սարքեր եւ դիւանագիտական աջակցութիւն կը տրամադրեն», շեշտեց Հարիս:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին կարծիքով. «Իսրայէլ, անկասկած, իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու: Բայց եւ այնպէս, շատ կարեւոր է, որ Համասի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաւասարեցում տեղի չունենայ… Պաղեստինցիները անվտանգութեան, ինքնորոշման եւ արժանապատուութեան իրաւունք ունին, եւ շատ յստակ էինք, որ պէտք է յարգել պատերազմի կանոնները եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել»:
Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ ամերիկեան նաւազներու արագ միջամտութեան ուժ մը դէպի արեւելեան Միջերկրական կ՛ուղղուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն նախապէս յայտնած էր. «Այս պատերազմին մէջ հազարաւոր պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննուեցան, եւ ատիկա իսկական ողբերգութիւն է»: