Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մախաչքալայի Մէջ Ցուցարարները Ներխուժած Են Օդակայան` Փնտռելով Իսրայէլացիներ

October 31, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի երեկոյեան «Ռետ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութեան Թել Աւիւ-Մախաչքալա թռիչք կատարող օդանաւի ժամանումէն ետք ամբոխ մը ներխուժած է Մախաչքալայի օդակայանի էջուղի` փնտռելով Իսրայէլի քաղաքացիներ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարած է, որ Թել Աւիւէն Մախաչքալա թռչող օդանաւին մէջ հրեաներ կամ իսրայէլացիներ եղած են:

Մարդոց ներխուժումէն ետք սկսած են զանգուածային անկարգութիւններ, որոնց պատճառով արձանագրուած են վիրաւորներ:

Միջադէպին պատճառով բոլոր այն օդանաւերը, որոնք պէտք էր Տաղստանի մայրաքաղաք հասնէին, էջք կատարած են այլընտրանքային օդակայաններուն մէջ:

Ցուցարարներու օդակայանի տարածք ներխուժումէն ետք դէպքի վայր հասած է ապահովական ուժերը, որմէ ետք բախումներ սկսած են: Միջադէպին պատճառով երկու կողմերէն ալ արձանագրուած են վիրաւորներ:

Տաղստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` երկու մարդիկ կը գտնուին ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Ռուսիոյ դաշնութեան ներքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսային Կովկասի դաշնակցային շրջանի ընդհանուր վարչութիւնը յայտարարած է, որ անկարգութիւններուն մասնակցող բոլոր անձերուն ինքնութիւնը պիտի յստակացուի տեսախցիկներու միջոցով, բոլոր մեղաւորները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին:

Տեղւոյն իշխանութիւնները ընդգծած են, որ օդակայանին մէջ կացութիւնը վերահսկելի է: Միջադէպէն ետք շրջանային կառավարութիւնը յայտարարած է շուրջօրեայ գործողութեան անցնելու եւ գործողութիւններու շտապ ստեղծելու մասին, իսկ Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու համար:

Միջադէպէն ետք, Ռուսիոյ օդային փոխադրութեան դաշնակցային գործակալութիւնը յայտարարած է, որ օդակայանը մինչեւ 6 նոյեմբեր պիտի մնայ փակ, սակայն աւելի ուշ հաղորդած է, որ անիկա կրնայ բացուիլ 31 հոկտեմբերի լուսցող գիշերը:

«Օդանաւերու ընդունման համար Մախաչքալայի օդակայանի ժամանակաւոր փակման ժամկէտը պիտի պահպանուի 2:59-ը (Մոսկուայի ժամանակացոյցով)», նշուած է գործակալութեան թելեկրամեան ալիքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Տաղստանի ղեկավար Սերկէյ Մելիքով երէկ լրագրողներուն ըսած է, որ Տաղստանի Հանրապետութեան մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փորձերը կը կատարուին դուրսէն, ներառեալ ուքրանամէտ «Թելեկրամ» ալիքներու միջոցով:

«Տաղստանի մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փորձերը, ներառեալ կիրարկելով արգիլուած գործելաոճեր` առնչուած ազգային ատելութեան եւ միջկրօնական խնդիրներու բորբոքման, կը գործադրուին մեր թշնամիներուն, մեր երկրի հակառակորդներուն կողմէ», ըսած է ան:

Մելիքովի համաձայն, «Թելեկրամ» ալիքներէն մէկը, որ կը հրապարակէ շրջանի բնակիչներուն հանրահաւաքներու երթալու կոչեր, դուրսէն կը վերահսկուի:

«Այսօր մենք ստացած ենք բացարձակ հաւաստի տեղեկութիւն, որ «Ութրօ Տաղըսթանա» («Տաղստանի առաւօտ», «Ա.») ալիքը կը կառավարեն եւ կը կարգաւորեն Ուքրանիոյ տարածքէն` դաւաճաններու, փանթերականներու կողմէ», աւելցուցած է հանրապետութեան ղեկավարը:

Ան նաեւ նշած է, որ Մախաչքալայի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն պատճառով երկու ոստիկան վիրաւորուած է: Մելիքով օդակայանին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները կոչած է «շնականութիւն» եւ «դաւաճանութիւն»:

«Այստեղ կ՛ուզէի խօսիլ շնականութեան եւ դաւաճանութեան մասին, որովհետեւ երէկուան գործողութիւնը դանակով հարուած է թիկունքին մեր զինուորներուն , որոնք այսօր մեր ամբողջ երկիրը կը պաշտպանեն յատուկ զինուորական գործողութեան գօտիին մէջ: Կը պարզուի, որ ոմանք կը կռուին մեր թշնամիին դէմ, իսկ անոնք, որոնք գացած են, այսպէս կոչուած, բողոքի ցոյցի, խաղացած են թշնամիին համար, ասիկա միայն դաւաճանութիւն կարելի է կոչել», ըսած է ան:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ բուռն կերպով կը դատապարտեն Տաղստանի մէջ հակասեմական ցոյցերը»:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ յայտնաբերուած են անկարգութիւններու աւելի քան 150 գործօն մասնակիցներ, որոնցմէ 60-ը բերման ենթարկուած է:

 

 

Նախորդը

Շոյկու. «Հակայարձակման Պատճառով Ուքրանիան Ունի Աւելի Քան 90.000 Զոհ Եւ Վիրաւոր»

Յաջորդը

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքներու Բախման Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.