Չինական սպառազինութիւնը զգալիօրէն ուժեղացուցած է Սերպիոյ զինեալ ուժերը: Այս մասին «Կլոպըլ Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Սերպիոյ վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Միլոշ Վուչեւիչը:
«Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի սերպ-չինական յարաբերութիւններուն, ես պիտի առանձնացնէի զինուորական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսականը եւ բազմաթիւ ներդրումները, որոնք շատ կարեւոր են մեր երկրին համար», նշած է ան` աւելցնելով, որ զինուած ուժերու համալրման եւ արդիականացման ջանքերը ուղղուած են պաշտպանութեան:
Վուչեւիչ նշած է, որ չինական միջին հեռահարութեան «ԷՖ.Քէյ-3» հակաօդային հրթիռային համակարգը եւ «Սի.Էյչ.-95» եւ «Չի.Էյչ-92Էյ.» անօդաչու թռչող սարքերը կարեւորագոյն պաշտպանական համակարգերն են, որոնք ձեռք բերած է Սերպիան:
Անոր համաձայն, Սերպիան պիտի ուժեղացնէ պաշտպանութեան իր կարելիութիւնները:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու երկիրները պիտի զարգացնեն իրենց յարաբերութիւնները, որովհետեւ Չինաստանը Սերպիոյ «ամէնէն յուսալի» բարեկամներէն մէկն է:


