Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին արձանագրութիւնը մօտիկ ապագային կրնայ քննարկուիլ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չեխիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ:
«Արտերկիր այցելութենէն վերադառնալէս ետք արձանագրութիւնը պիտի ուղարկուի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ: Յոյսով եմ, որ անիկա որքան կարելի է արագօրէն պիտի ընդգրկուի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ, եւ երեսփոխանները կարելիութիւնը պիտի ստանան քննարկելու այս հարցը», նշած է Քուրթուլմուշ: