Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Պատրաստուի Կազայի Հարցով Միջազգային Խորհրդաժողով Գումարելու

October 31, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարան Կազայի հարցով խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու հարցին մէջ ստացած է շրջանի շարք մը երկիրներու աջակցութիւնը եւ համապատասխան աշխատանքներ կը կատարէ այդ ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Անգարայի մէջ իր դիւանագիտական աղբիւրը:

Նախապէս խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով գումարելու մտադրութեան մասին յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Պարոն Էրտողանի յայտարարութենէն ետք շրջանի շարք մը երկիրներէ դիւանագիտական ուղիներով հաղորդագրութիւններ ստացանք այս գաղափարին աջակցելու մասին:

«Պարոն նախագահին յանձնարարութեամբ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Յոյսով ենք` շատ շուտով այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:

Էրտողան. «Ինչպէս Լիպիոյ Եւ Ղարաբաղի Մէջ,
Մենք Ամբողջ Հասակով Կանգնած Ենք
Նաեւ Միջին Արեւելքի Մէջ»

Էրտողան շաբաթ օր` ի պաշտպանութիւն պաղեստինցիներու Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած մեծ հանրահաւաքին ընթացքին յայտնած է. «Հէ՜յ Արեւմուտք, քեզի հետ կը խօսիմ: Դուն, ի՞նչ է, կրկին խաչի եւ կիսալուսնի միջեւ պատերա՞զմ կ՛ուզես սկսիլ», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

«Եթէ ատիկա կ՛ընես, ապա իմացի՛ր, որ (թուրք) ժողովուրդը չէ մեռած: Մենք ամբողջ հասակով կանգնած ենք եւ այնպիսի վճռականութեամբ, ինչպէս Լիպիոյ մէջ, ինչպէս Ղարաբաղի մէջ, մենք նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ կանգնած ենք», նշած է ան:

Էրտողան ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է Իսրայէլի հասցէին, մինչեւ իսկ պատերազմական յանցագործի վարքագիծ նկատելով Կազայի դէմ զինուորական գործողութիւնը:

Անոր արտասանած խօսքէն ետք, Իսրայէլ Թուրքիայէն ետ կանչած է իր դիւանագէտները:

Ըստ թրքական «Տէյլի Սապահ»-ին,  հանրահաւաքին կազմակերպիչները ըսած են, որ 1,5 միլիոն մարդ մասնակցած է անոր:

 

 

Նախորդը

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքներու Բախման Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Հարիս. «Իսրայէլ Կամ Կազա Մարտական Ուժեր Ուղարկելու Մտադրութիւն Կամ Ծրագիրներ Բացարձակապէս Չունինք»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.