Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Վալերի Զալուժնին ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր, երբ «Տը Էքոնոմիսթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ հետ պատերազմին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը որակեց իբրեւ փակուղի: Նման գնահատական զուիցերիական «20 Մինութըն» առցանց հրատարակութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին տուած է Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Զալուժնին սխալա՞ծ է` պատերազմին մէջ կացութիւնը գնահատելով փակուղային, Քլիչքօ նշած է. «Ո՛չ: Ան ըսաւ ճշմարտութիւնը: Երբեմն մարդիկ չեն ուզեր լսել ճշմարտութիւնը: Սակայն ի վերջոյ ան (Զալուժնին) պատասխանատու է: Ան բացատրեց եւ հիմնաւորեց, թէ այսօր ի՛նչ կացութիւն է: Ի հարկէ, մենք կրնանք յաւերժ խանդավառութեան մէջ ստել մեր ժողովուրդին եւ մեր գործընկերներուն: Սակայն մենք չենք կրնար ատիկա յաւերժ ընել: Մեր որոշ քաղաքական գործիչներ քննադատած են Զալուժնին այս յստակ խօսքերուն համար, սակայն ատիկա անարդար է: Ես անոր համակարծիք եմ»:
Քլիչքօ միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ զինք չի զարմացներ երկրի ղեկավար Վոլոտիմիր Զելենսքիի վարկանիշի անկումը:
«Մարդիկ կը տեսնեն, թէ ո՛վ արդիւնաւէտ է, ո՛վ` ոչ: Սպասումներ կային եւ կան: Զելենսքին պիտի վճարէ իր գործած սխալներուն համար», ըսած է Քլիչքօ:
Լրագրողի խնդրանքով պարզաբանելով, թէ Զելենսքիի ճիշդ ինչպիսի՛ սխալներուն մասին կը խօսի` Քլիչքօ նշած է. «Մարդիկ կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ մենք աւելի լաւ պատրաստ չէինք այս պատերազմին: Ինչո՞ւ Զելենսքին մինչեւ վերջին վայրկեանը կը հերքէր, որ հարցը պիտի հասնի պատերազմի: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ ռուսերը այդքան արագ հասան Քիեւ»: