Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրներու Նախարարները Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Վաւերացնելու Շուէտի Դիմումը

November 30, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի անդամ շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին իրենց զայրոյթը արտայայտեցին Թուրքիոյ նկատմամբ, որ հակառակ բանակցութիւններու աւարտէն ամիսներ անցնելուն կ՛ուշանայ վաւերացնելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ եւ անգամ մը եւս հաստատեց, որ Անգարան պէտք է «կարելի եղածին չափ շուտ» վաւերացնէ Շուէտի դիմումը:

Պլինքըն վերջերս Անգարա իր այցելութեան ընթացքին երկարատեւ բանակցութիւններ վարած էր Ֆիտանի հետ:

Ուաշինկթըն եւ այլ դաշնակից երկիրներ Թուրքիան կ՛ամբաստանեն ժամանակ վատնելու յանցանքով:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա իր կարգին լրագրողներու յայտնեց. «Թուրքիայէն ու Հունգարիայէն կը սպասենք, որ անյապաղ վաւերացնեն այս անդամակցութիւնը»:

«Մեր դաշինքին ուժն ու հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է, եւ պէտք չէ յաւելեալ որեւէ օր կորսնցնել», աւելցուց Քոլոնա:

Պիլսթրիոմ. «Թուրքիան Կ՛ակնկալէ «Քանի Մը
Շաբթուան Ընթացքին» Վաւերացնել Շուէտի`
ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը»

Թուրքիան յայտարարած է, որ կ՛ակնկալէ շաբաթներու ընթացքին վաւերացնել Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին երկար սպասուած անդամակցութիւնը: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ:

«Ես երկկողմանի հանդիպում ունեցած եմ իմ թուրք պաշտօնակիցիս հետ, ան ինծի ըսաւ, որ կ՛ակնկալէ, թէ վաւերացումը տեղի կ՛ունենայ քանի մը շաբթուան ընթացքին», ըսած է Պիլսթրիոմ` աւելցնելով. «Ան չէ նշած թուականը, սակայն ըսած է` «քանի մը շաբթուան ընթացքին»:

«Ան կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիոյ կողմէ ՕԹԱՆ-ի արձանագրութեան վաւերացումը տեղի ունենայ շաբաթներու ընթացքին: Ան երէկ ինծի այդպէս ըսաւ», ըսած է Պիլսթրիոմ:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Ոչ Մէկ Երկրի Պիտի Արտօնուի Ուժով Սահմաններ Վերագծել»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլին Կոլանէն Հեռանալու Կոչ Ուղղող Որոշում Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.