Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իսրայէլի մասնակցութեան պատճառով հեռացաւ Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանային խորհրդաժողովէն` «ՔՈՓ 28»-էն, որ երէկ ընթացք առաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Իրանեան պատուիրակութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան մեկնած էր Տուպայ` մասնակցելու համար խորհրդաժողովին եւ ծրագրած էր Պաղեստինի հարցը քննարկել մասնակից երկիրներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ:
Իրանեան կողմը կը պնդէ, որ վստահ եղած է, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը հրաժարած է մասնակցիլ խորհրդաժողովին: Սակայն Տուպայ հասնելուն պէս պատուիրակութեան յայտնած են, որ Իսրայէլի նախագահն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հասած են խորհրդաժողովի վայր:
Ատկէ ետք Իսլամական Հանրապետութիւնը մերժած է մասնակցիլ խորհրդաժողովին` ի նշան բողոքի Կազայի վրայ Իսրայէլի յարձակումին:
Նշենք, որ երէկ Իսրայէլի պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկն ու Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին «ՔՈՓ 28»-ի ծիրին մէջ ձեռնուած են:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ եւ Լեհաստանի նախագահները Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի ներկայութեան պատճառով հրաժարած են խորհրդաժողովի մասնակիցներու խմբային լուսանկարներէն: