Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Ուաշինկթընը Կը Մեղադրէ «Քաղաքական Նենգափոխման» Յանցանքով

January 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կրօնական կառոյցներուն հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբը յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի վերաբերեալ յատուկ հաշուետուութեան մասին, որ հրապարակուած է 2023 թուականին Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի ազատութեան միջազգային յանձնախումբին կողմէ: Այդ հաշուետուութեան մէջ Ազրպէյճանը ներառուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ վերահսկիչ ցուցակին վրայ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կրօնական կառոյցներու աշխատանքի պետական յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ազրպէյճանի մէջ դաւանանքի ազատութեան խախտումներու հիման վրայ Ազրպէյճանը ներառելը այն երկիրներու խումբին մէջ, որոնք չունին միջազգային կարգավիճակ, «ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական նենգափոխման միջոց»:

Ընդգծուած է, որ ամէն տարի, սկսեալ 2013 թուականէն, Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի ազատութեան միջազգային յանձնախումբը իր հաշուետուութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խորհուրդ տուած է, որ արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանը ներառէ «յատուկ վերահսկիչ ցուցակին վրայ», անիկա Ազրպէյճանի դէմ կողմնակալ եւ կեղծ տեղեկութիւն կը տարածէ, եւ պետական յանձնախումբը քանիցս համապատասխան յայտարարութիւններ կատարած ու բողոք յայտնած է յանձնախումբի այս ոչ ստոյգ հաշուետուութիւններուն առնչութեամբ:

«Դաւանանքի ազատութեան միջազգային յանձնախումբին ներկայացուցած «թերի հաշուետուութիւնները» չեն արտացոլացներ երկրին իրողութիւնները, ամբողջովին կը հակասեն իրականութեան:

«Յանձնախումբի հաշուետուութիւններուն մէջ նշուած շատ դէպքեր հետազօտուած չեն, անոնց մէջ յղում կը կատարուի հայամէտ աղբիւրներուն, երբեմն ալ իրադարձութիւններուն կը տրուին միտումնաւոր սխալ բացատրութիւններ:

«Ասիկա լրջօրէն կը խափանէ առարկայականութիւնը հաշուետուութիւններու, որոնք բնաւ չեն համապատասխաներ այն նպատակներուն եւ խնդիրներուն, որոնք հետապնդուած են զանոնք նախապատրաստելու ընթացքին: Օգտուելով այս կարելիութենէն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խորհուրդ կու տանք ջուր չլեցնելու ջրաղացին մէջ հայամէտ ուժերու, որոնք զրպարտչութեան քարոզչութիւն կը կատարեն Ազրպէյճանի դէմ, ձեռնպահ մնալու երկակի չափանիշներու քաղաքականութենէն եւ քայլերու ձեռնարկելու միջազգային օրէնքի արժեչափերուն համապատասխան, նոր իրողութիւններու հիման վրայ, որոնք ստեղծուած են շրջանին մէջ»:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Միշել Վաղաժամկէտ Պիտի Լքէ Իր Պաշտօնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին Կը Պատրաստուին

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.