Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակելով Իր Միջինարեւելեան Շրջապտոյտը` Պլինքըն Հասաւ Իսրայէլ

Յունուար 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, շարունակելով 6 յունուարին Թուրքիա այցելութեամբ ընթացք առած իր շրջանային շրջապտոյտը, երէկ երեկոյեան հասաւ Իսրայէլ: Նախքան այդ, ան Քաթարէն հասած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ապա այցելած Սէուտական Արաբիա:

Նախապէս, ան Կրետէի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, ապա մեկնած Յորդանան, ուր հանդիպում ունեցած էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Կիրակի օր իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելած 4-րդ երկրին` Քաթարի մէջ Պլինքըն յայտնեց, որ այս շաբաթ Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին իսրայէլացի պաշտօնատարներուն պիտի յայտնէ Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրումը կանխարգիլելու յաւելեալ ջանք թափելու կարեւորութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ պաղեստինցի քաղաքայիններուն պէտք է արտօնել վերադառնալ իրենց բնակավայրերը եւ անոնց վրայ ճնշում չբանեցնել, որպէսզի Կազայէն հեռանան:

Ան նշեց, որ Կազայի մէջ կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու դիմաց արգելքները տակաւին չափազանց մեծ են:

«Այս պահուն շրջանին մէջ սուր լարուածութիւն գոյութիւն ունի, եւ տագնապը կրնայ դիւրութեամբ տարածուիլ», զգուշացուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Պլինքըն նաեւ յայտնեց, որ Տոհայի մէջ քննարկած է աւելի քան 100 իսրայէլացի գերիներու ազատագրման ջանքերը:

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ Պլինքըն Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պիտի պահանջէ պատերազմի 3-րդ փուլ անցնիլ:

Աղբիւրները նշեցին. «Պլինքընի պահանջին նպատակը տեղահանուածներուն Կազայի հիւսիսի մէջ իրենց շրջաններ վերադառնալու առիթ ընծայելն է»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք Երուսաղէմի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եիսրայէլ Քացի եւ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Այսքան մեծաթիւ անձերու տառապանքը չի կրնար շարունակուիլ: Գործողութիւններու նուազ սուր կառավարման կարիք ունինք»:

«Օրէ օր յստակ կը դառնայ, որ իսրայէլեան բանակը պէտք է յաւելեալ ջանք թափէ Կազայի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու, եւ պէտք է միջոցներ գտնուին Համասի դէմ պայքարելու, առանց որ մեծաթիւ պաղեստինցիներ վնասուին», աւելցուց ան:

Նշենք, որ նախորդող օրերուն Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը զարգացուած հեռահար թեւաւոր հրթիռ եղող «Արքապ» հրթիռով հարուածած էր Հայֆայի մէջ «կենսական թիրախ մը»:

Հարաւային քորէական «Եոնհափ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հարաւային Քորէայի հետախուզական գործակալութիւնը երկուշաբթի յայտարարած է, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը Կազայի մէջ Իսրայէլի դէմ պայքարելու համար կ՛օգտագործէ Հիւսիսային Քորէայի արտադրութիւն եղող զէնքեր:

Հարաւային Քորէայի ազգային հետախուզական ծառայութիւնը հաստատած է «Ամերիկայի ձայն»-ի հրապարակումը, որուն մէջ Համասի կողմէ օգտագործուած «Էֆ-7» նռնականետին վրայ կայ քորէական լեզուով գրութիւն:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10 Կոլ Նշանակեց…

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?