Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կապ Չունին Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Հետ»

January 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կապ չունին Իրանի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետ, եւ որեւէ պատճառ չենք տեսներ ըսելու, որ Իսրայէլ ատոր մէջ ներգրաւուած է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք Իրանէն եկող հաղորդագրութիւններուն, մենք չունինք որեւէ անկախ տեղեկատուութիւն: Կը ցաւակցինք այս սարսափելի պայթումներու զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն», ըսաւ ան:

«Տակաւին կանուխ է, յամենայն դէպս, մեզի համար ըսել, թէ տեղի ունեցածին պատճառը ի՛նչ եղած է, սակայն ես կ՛ուզէի պատասխանել որոշ անպատասխանատու մեղադրանքներու, որոնք ես տեսած եմ, որոնք կը շրջանառուին, եւ ըսել, որ Միացեալ Նահանգներ որեւէ ձեւով առնչութիւն չունին ատոր հետ:

«Հակառակ յայտարարութիւնները ծիծաղելի են: Մենք հիմք չունինք նաեւ ենթադրելու, որ Իսրայէլ ներգրաւուած է այս բոլորին մէջ», աւելցուցած է Միլլըր:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է. «Իրանի ժողովուրդի թշնամիները անգամ մը եւս ողբերգութիւն յառաջացուցած են: Ահաբեկչութիւններու կազմակերպիչները, որոնք յանցագործները համոզած են կատարել այդ ահաբեկչական գործողութիւնները, անպայման պիտի ներկայանան դատարան: Անոնք պէտք է իմանան, որ այս ահաբեկչութեան կարծր պատասխան պիտի հետեւի», ըսած է ան:

Նախորդը

Իրաքեան Աշխարհազօրէն Երկու Ղեկավարներ Անօդաչու Թռչող Սարքով Յարձակումի Ճամբով Ահաբեկուեցան

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.