Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բացուած Է. Ազրպէյճանը Կարեւոր Տեղ Կը Գրաւէ Իրանի Դրացնութեան Քաղաքականութեան Մէջ»

Մարտ 7, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բաց է եւ երկու ժողովուրդներուն յոյս կը ներշնչէ, իսկ երկու երկիրներուն առջեւ կը բացուին փոխշահաւէտ համագործակցութեան մեծ կարելիութիւններ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Ազրպէյճան կարեւոր տեղ կը գրաւէ Իրանի դրացնութեան քաղաքականութեան մէջ, եւ երկու ժողովուրդները, դրացիական եւ պատմական կապերէն բացի, ունին նաեւ ընտանեկան կապեր:

«Բարեբախտաբար, երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բացուած է, որ յոյս կը ներշնչէ երկու ժողովուրդներուն, եւ երկու երկիրներուն համար կը բացուին փոխշահաւէտ համագործակցութեան մեծ կարելիութիւններ», ըսած է ան:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Պայրամով իր կարգին յայտնած է. «Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան ու կայունութեան չծառայող երրորդ կողմերը շրջանին մէջ ներգրաւելը» սպառնալիք է խաղաղութեան հոլովոյթին համար:

Ան աւելցուցած է, որ «որոշ պետութիւններու կողմէ Հայաստանը զինելու ջանքերը» եւս վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղութեան հոլովոյթի համար:

Նշենք, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Կազայի հարցին նուիրուած հրատապ նիստի ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Հունգարիոյ Նախագահը Ստորագրեց Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմումը

Յաջորդը

Կալանթ. «Ռամատանի Նախօրեակին Այսրյորդանանի Մէջ Մագլցումը Պիտի Դժուարացնէ Կազայի Պատերազմի Նպատակներու Իրագործումը»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?