Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Ռամատանի Նախօրեակին Այսրյորդանանի Մէջ Մագլցումը Պիտի Դժուարացնէ Կազայի Պատերազմի Նպատակներու Իրագործումը»

Մարտ 7, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իսրայէլեան ապահովական մարմինները զգուշացուց, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամսուան նախօրեակին բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ ապահովական մագլցում մը «պիտի դժուարացնէ Կազայի դէմ պատերազմի նպատակներու իրագործումը»: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կալանթ այս մասին յայտնած է ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն, ներառեալ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամներուն ուղղուած «ներքին շրջաբերական»-ի մը մէջ:

Ան նաեւ մատնանշեց ռամատանի նախօրեակին կուսակցութիւններու եւ պաշտօնատարներու կողմէ Աքսայի մզկիթին վերաբերեալ հնչող «անպատասխանատու յայտարարութիւնները»` ակնարկելով Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրին:

Փաստաթուղթը կը նշէ կարեւորութիւնը Այսրյորդանանի մէջ հաւանական մագլցումի մը դէմ իսրայէլեան ապահովական մարմիններու պատրաստութիւններու ծիրին մէջ քայլեր որդեգրելու:

Կալանթ նշեց, որ մինչեւ Կազայի մէջ իսրայէլեան նպատակներու իրագործումը պատերազմը շարունակելու կարողութիւնը մեծապէս կախեալ է Այսրյորդանանի մէջ ապահովական կայունութեան մակարդակէն:

«Մագլցումը մեզի համար դժուար պիտի դարձնէ ջանքերը կեդրոնացնել եւ գործադրել պատերազմի նպատակներու իրագործման համար իսրայէլեան բանակի առաքելութիւնը, որովհետեւ կարիք պիտի ըլլայ այլ շրջաններէ (Կազա, Լիբանան) ուժեր գործուղել Յուդա եւ Սամարիա (Այսրյորդանան)»:

Փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ, որ Այսրյորդանանի մէջ մագլցում մը ի նպաստ պաղեստինեան Համաս շարժումին եւ Իրանի է:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած է, թէ Կանց Ուաշինկթընի մէջ իր գումարած ժողովներէն ետք անդրադարձած է, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը մեծապէս անախորժ կացութեան մէջ է:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի երեք պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ իսրայէլացի նախարարը Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին Կազայի մէջ տիրող մարդասիրական կացութեան եւ իսրայէլեան պատերազմի ռազմավարութեան վերաբերեալ սուր քննադատութիւններ ու դժուար հարցումներ լսած է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը աւելցուցած է, որ իսրայէլեան նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի ամէնէն չափաւորական անդամը նկատուող Կանց ներկայիս Սպիտակ տան մէջ իսրայէլեան կառավարութեան նկատմամբ մեծ հիասթափութիւն նկատած է:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացի եւ արաբ բանագնացները ժամանակ շահելու եւ աւելի երկարատեւ զինադադարի շուրջ բանակցելու համար Կազայի մէջ կարճատեւ զինադուլ առաջարկած են, որովհետեւ ռամատան ամսուան ժամկէտին մօտենալով բանակցութիւնները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

Միջնորդներուն կարծիքով` կարճատեւ զինադուլի հաստատումը երկու կողմերուն` Իսրայէլին եւ Համասին ցոյց պիտի տայ, թէ դիմացի կողմը երկարատեւ զինադադարի հաստատման նկատմամբ լուրջ է:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նաեւ կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի օր բանակցութիւններուն մէջ յոյսի նշոյլ մը յառաջ եկած է, երբ բոլոր կողմերը համաձայն գտնուած են Գահիրէի մէջ բանակցութիւնները յաւելեալ մէկ օրով շարունակելու:

Միջնորդներու նախատեսութեամբ բանակցութիւնները յառաջիկայ օրերուն համաձայնութեան կամ «տապալման» պիտի յանգեցնեն:

Համաս երէկ յայտարարեց. «Այսօրուան աւարտին պիտի յստականայ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն պատկերը»:

Պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նկատմամբ բազմաթիւ քննադատութիւններ եւ անվստահութիւն գոյութիւն ունին, որովհետեւ ան չէ յարգած ամերիկեան վարչակարգին իր նախապէս ներկայացուցած երաշխիքները:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Կազա ծովու ճամբով օժանդակութիւններու փոխադրման համար զինուորական եւ առեւտրական ընտրանքներն ալ կը սերտէ:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի լրագրողներուն յայտնեց, որ ծովային ճանապարհը կրնայ աւելի մեծաքանակ օժանդակութիւն փոխադրել, սակայն բեռնակառքերը լաւագոյն միջոցն են:

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բացուած Է. Ազրպէյճանը Կարեւոր Տեղ Կը Գրաւէ Իրանի Դրացնութեան Քաղաքականութեան Մէջ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?