Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն խորհրդարանական կուսակցութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ուքրանիա զօրք ուղարկելը կարելի է, եթէ ռուսական զօրքերը ճեղքեն պաշտպանութիւնը` Քիեւի կամ Օտեսայի ուղղութեամբ: «Քորրեսփոնտենթ», յղում կատարելով «Լ՛էնտեփանտան»-ի, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆապիեն Ռուսել:
Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահը խորհրդարանականներուն ցոյց տուած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական հարուածներու հաւանական ուղղութիւններու քարտէսները:
«Մաքրոն նշեց շարք մը բեմագրութիւններ, որոնց պարագային կրնայ միջամտութիւն սկսիլ` ճակատի յառաջխաղացում դէպի Օտեսա կամ դէպի Քիեւ», բացատրած է քաղաքական գործիչը:
«Չնուաճուած Ֆրանսա» կուսակցութեան համակարգող Մանուէլ Պոմպարտ իր կարգին ըսած է, որ ինք «մտահոգ եկած է հանդիպումին եւ առաւել եւս մտահոգ հեռացած»:
Լըքոռնիւ. «Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկելու
Կարելիութեան Քննարկումը Չի Վերաբերիր
Զինուորական Գործողութիւններուն Մասնակցելուն»
Ուքրանիա արեւմտեան զօրքեր ուղարկելու կարելիութեան քննարկումը չի վերաբերիր զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու համար զինուորներ ուղարկելուն: Այս մասին «Պէ.ԷՖ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւ:
«Քննարկուած են տարբեր վարկածներ, սակայն խօսքը զինուորական գործողութիւններուն զօրքերու մասնակցութեան մասին չէ», նշած է նախարարը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 26 փետրուարին յայտնած էր, որ Փարիզի մէջ հանդիպումին, որուն ընթացքին շուրջ 20 արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչներ քննարկած են Ռուսիոյ հետ տագնապին մէջ Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութիւնը, արեւմտեան երկիրներու ցամաքային ուժերու Ուքրանիա հաւանական ուղարկման նիւթը արծարծուած է: Անոր համաձայն, մասնակիցները այս հարցին մէջ համախոհութեան չեն յանգած, սակայն ապագային նման բեմագրութիւնը կարելի չէ բացառել:
Խորհրդաժողովէն ետք մասնակից երկիրներու մեծամասնութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ չեն ծրագրեր զօրքեր մտցնել Ուքրանիա եւ առաւել եւս դէմ են Ռուսիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններուն իրենց մասնակցութեան:


