 Ազրպէյճանի խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Զահիտ Օրուճ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կռուած ազրպէյճանցիները պէտք է զրկել քաղաքացիութենէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Սուրիա մեկնած մեր քաղաքացիներուն թիւը գերազանցած է 1000-ը: Նոյն կացութիւնը այժմ ստեղծուած է ուքրանական պատերազմին մէջ:
«Կը ցաւինք, որ ազրպէյճանցիները երկու կողմէն ալ իրարու վրայ կը կրակեն: Ուստի, թէ՛ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուած ազրպէյճանցիները, թէ՛ ալ Ուքրանիոյ մէջ երկու կողմէն խրամատներուն մէջ կռուածներու քաղաքացիութիւնը պէտք է չեղեալ նկատուի», խորհրդարանի նիստի ընթացքին առաջարկած է երեսփոխանը: