Եւրոպական Միութեան միանալու թեկնածու երկիրները` Վրաստանը, Մոլտովան եւ Սերպիան, չեն միացած ռուսական սառեցուած հաշիւներէն Քիեւին եկամուտները փոխանցելու որոշումին:
Վրացական «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ:
Ան բացատրած է, որ Եւրոպական Միութեան մնացեալ թեկնածուները` Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն, Ալպանիան, Ուքրանիան եւ Պոսնիան աջակցած են ռուսական հաշիւներէն եկամուտները Քիեւին փոխանցելու որոշումին: Պորել աւելցուցած է, որ նախաձեռնութեան միացած են նաեւ Եւրոպական ազատ առեւտուրի գօտիի անդամ երկիրները` Իսլանտան, Նորվեկիան եւ Լիխթընշթայնը:
Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ողջունած է այս երկիրներու որոշումը:
Եւրոպական Միութեան երկիրները 21 մայիսին հաստատած են Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան սառեցուած հաշիւներու եկամուտներէն շահերու օգտագործման ծրագիրը: 24 յունիսին, Պորելը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութեան եկած են Ռուսիոյ սառեցուած գումարներէն եկամուտները Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին` Ուքրանիոյ համար զէնք գնելու նպատակով փոխանցելու վերաբերեալ:


