Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեմոկրատական Ղեկավարներն Ու Պայտընի Ընտանիքի Անդամները Կը Բացառեն Անոր Թեկնածութեան Յետս Կոչումը

Յուլիս 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտանիքը, մրցակից Տանըլտ Թրամփի հետ անյաջող բանավէճէն ետք, հանդիպած է Քեմի Տէյվիտի մէջ գտնուող նախագահական նստավայրին մէջ: «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրներուն համաձայն, հարազատները «բացարձակ աջակցութիւն» յայտնած են գործող նախագահին` շարունակելու մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան:

Ինչպէս կը հաղորդեն շարք մը լրատուամիջոցներ, ներառեալ «Սի.Էն.Էն.»-ը, ընտանիքի կարծիքը Պայտընի համար շատ կարեւոր է, նոյնիսկ աւելի, քան անոր մերձաւոր խորհրդականներու շրջապատի դիրքորոշումը:

Ընտանեկան ժողովին մասնակցած են առաջին տիկին Ճիլ Պայտընը, որդին` Հանթըր Պայտընը, եւ թոռները: Ընտանիքը հիասթափութիւն յայտնած է այն խումբէն, որ նախագահը նախապատրաստած էր բանավէճին եւ ատոր ընթացքին Պայտընի ձախողութենէն ետք քննարկած է խորհրդականներու հաւանական պաշտօնանկութիւններրը:

«Սի.Էն.Էն.» կը յիշեցնէ, որ ընտանեկան ժողովը տեղի ունեցած է ընտրութեան մասնակցելէ հրաժարելու կոչերուն լոյսին տակ: Ընտանիքի կարծիքը կրնայ փոխուիլ, եթէ կացութիւնը վատթարանայ կամ եթէ նախագահը համոզուի, որ ընտրապայքարէն իր հեռանալը դեմոկրատականներուն պիտի օգնէ յաղթել 5 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեան մէջ:

«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ ականաւոր դեմոկրատականները բացառած են Պայտընը փոխարինելը: Հարցին շուրջ օրեր տեւած բանավէճերէ ետք դեմոկրատական ղեկավարները վճռականօրէն մերժած են նախագահի աւելի երիտասարդ թեկնածու ընտրելու կոչերը:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ամէնէն մերձաւոր շրջապատը` կինը, ընկերներն ու խորհրդականները, կրնան զինք համոզել հրաժարելու նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեան մասնակցելէ` իր մրցակից Տանըլտ Թրամփի հետ պատկերասփռուած բանավէճին մէջ անյաջող ելոյթին պատճառով: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան «Աքսիոս»-ը:

«Աքսիոս» կ՛ընդգծէ, թէ միակ տարբերակը, որուն պարագային Պայտըն դուրս պիտի գայ նախագահական ընտրապայքարէն, այն է, եթէ անոր ամէնէն մերձաւոր շրջապատը, որ նախապէս նպաստած էր անոր առաջադրման, որոշէ, որ ժամանակն է յայտարարել հեռանալու մասին:

Այս շրջապատին մէջ, ըստ լրագրողներու, ընդգրկուած են առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն, նախագահի կրտսեր քոյրը` Վալերի Պայտըն, վաղեմի ընկեր եւ մնայուն խորհրդական Թետ Քաուֆման, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան խորհրդականներու փոքր խումբ մը:

«Անիկա խոհանոցային նախարարաց խորհուրդն է, որ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի: Միայն այս մարդիկ կ՛ազդեն Պայտընի անձնական կեանքին եւ նախագահութեան մեծ եւ փոքր որոշումներուն վրայ», կը նշէ հրատարակութիւնը` վկայակոչելով Սպիտակ տան ղեկավարին մօտ եղող աղբիւրները:

Պայտընի եւ Թրամփի պատկերասփռուած բանավէճէն ետք քննարկումներ սկսած են դեմոկրատական թեկնածուն փոխարինելու հաւանականութեան շուրջ: Միեւնոյն ժամանակ կը քննարկուի այն հարցը, թէ արդեօք Դեմոկրատական կուսակցութիւնը պիտի կարենա՞յ այլ թեկնածու առաջադրել օգոստոսին տեղի ունենալիք ընդհանուր ժողովէն առաջ կամ ատոր ընթացքին:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը Պայտընին կոչ ուղղած է հրաժարելու ընտրարշաւին հետագայ մասնակցութենէն եւ տեղը զիջիլ աւելի «եռանդուն» թեկնածուին:

Մինչդեռ բարձրաստիճան դեմոկրատականները հրապարակաւ յայտարարած են, որ կը սատարեն 81 տարեկան Պայտընին եւ պիտի պայքարին անոր յաղթանակին համար: Անոր շտապի պաշտօնական ներկայացուցիչները նոյնպէս յայտարարած են, որ նախագահը մտադիր չէ պայքարէն դուրս գալ:

Ինք` Պայտընը, խոստովանած է, որ լաւ բանավէճի մէջ լաւ հանդէս չէ եկած, սակայն հասկցուցած է, որ մտադիր չէ դուրս գալ նախագահական ընտրապայքարէն:

«Ես գիտեմ, որ այլեւս երիտասարդ չեմ: Գիտեմ, որ նախկինին պէս դիւրին չեմ քալեր, նախկինին պէս յստակ չեմ խօսիր, նախկինին պէս լաւ չեմ բանավիճիր, սակայն գիտեմ ճշմարտութիւնը ինչպէս ըսել», ըսած է ան Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ ընտրական հաւաքի ընթացքին:

Բանավէճէն ետք «Սի.Պի.Էս.»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ դեմոկրատականներու թիւը, որոնք կը կարծեն, թէ Պայտըն պէտք չէ առաջադրուի նախագահի պաշտօնին, աճած է 10 կէտով` փետրուարի 36 առ հարիւրէն հասնելով 46 առ հարիւրի:

Նախորդը

Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-րդ Դիրքը Գրաւեց

Յաջորդը

Քիեւ Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Միջնորդներու Միջոցով Բանակցելու

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?