Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը ծրագրէ Ղազախստանի մէջ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ակնկալէ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ 3-4 յուլիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ», յայտարարած է ան:
Ֆիտան նաեւ նշած է, որ Թուրքիան կը սպասէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցելութեան: