Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը կը մնայ իր երկրի ռազմավարական նպատակը:
Այս մասին ան ըսած է Անգարայի մէջ Էսթոնիոյ նախագահ Ալար Քարիսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամակցութիւնը, ինչպէս մենք պարբերաբար կը շեշտենք, մեր ռազմավարական նպատակն է: Մեր հասարակաց շահերէն կը բխի, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս նոյն դիրքերէն մօտենայ Թուրքիոյ:
«Վստահ եմ, որ այս ծիրին մէջ Էսթոնիոյ Թուրքիոյ աջակցութիւնը պիտի շարունակէ աճիլ», նշած է Էրտողան: