Իրան պիտի աջակցի պաղեստինեան Համաս շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի որեւէ համաձայնագիրի, որուն պայմանները ընդունելի պիտի ըլլան պաղեստինցիներուն համար: Այս մասին յայտնեց Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի` Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Խալիլ Հայէի հետ զրոյցի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը պիտի աջակցի պաղեստինեան արմատական Համաս շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ համաձայնագիրի, որ պիտի ընդունուի պաղեստինեան Դիմադրութեան եւ Համասի կողմէ», յայտնած է Արաքժի:
Ան նշած է, թէ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք Թեհրանի` Կազայի հարցին մէջ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, եւ Իրան պիտի շարունակէ ինչպէս նախապէս աջակցիլ Պաղեստինին:
Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Խալիլ Հայէ իր կարգին շնորհաւորած է Արաքժին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ տեղեկացուցած Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին:
Հայէ ընդգծած է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ Իրան կը ցուցաբերէ:
Նշենք, որ Խալիլ Հայէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն մէջ կը գլխաւորէ Համասի պատուիրակութիւնը:


