Ազրպէյճանի հետ միասին մենք կ՛աջակցինք իրաւահաւասարութեան եւ միասնութիւն կը ցուցաբերենք թրքական բոլոր պետութիւններուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Ինչպէս մենք միաւորուած ենք մեր սիրելի Ազրպէյճանի հետ` առաջնորդուելով «երկու պետութիւն` մէկ ազգ» կարգախօսով, այնպէս ալ մեր սիրտը կը բաբախէ թրքական այլ պետութիւններու մէջ ապրող մեր թուրք եղբայրներուն համար», ընդգծած է Էրտողան: