Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հանիէի Ահաբեկման Ոճիրին Սերտուած Կերպով Ու Հաստատօրէն Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը

August 30, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքրի յայտարարեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկման սիոնական գոյացութեան ոճիրին սերտուած կերպով ու հաստատօրէն պիտի հակադարձենք»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ-ն:

«Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն ետք շրջանին մէջ տագնապալի պայմաններէ կ՛անցնինք, իսկ սիոնական գոյացութիւնը գոյութենական վտանգ կը զգայ եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ է, ուստի չի տատամսիր իր ամօթալի կեանքը շարունակելու համար որեւէ ոճրային արարք գործելու», ըսաւ զօր. Պաքրի:

«Սիոնական գոյացութեան պայմանները այնպիսին են, որ ամերիկացիները սկսան կասկածիլ ու տատամսիլ այդ գոյացութեան աջակցելէ, բայց եւ այնպէս սիոնական ղեկավարները կը պնդեն իրենց ոճիրները շարունակելու վրայ, որովհետեւ իրենք զիրենք քայքայման եզրին կը տեսնեն», աւելցուց ան:

Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետին համաձայն, «Ամերիկայի ուժը այն չէ, ինչ որ էր 5 տարի առաջ, որովհետեւ անոնք նահանջի մէջ են ու անկում կ՛ապրին, եւ կը պայքարին իրենց ուժերը վերականգնելու համար»:

 

Նախորդը

«Անդրկովկասի Մէջ Կացութիւնը Լարուած Է, Այնտեղ Արեւմուտքը Կը Ձգտի Մեծցնել Իր Ազդեցութիւնը» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Սպայակոյտի Պետը

Յաջորդը

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամիին Հակադարձման Պատրաստութիւնը Կը Շարունակուի, Եւ Ժամկէտը Անոր Համար Անակնկալ Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.