Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «Վեսթնիք Քաւքազա»-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները լիակատար կերպով կ՛աջակցին Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ին համարկուելու հարցին մէջ:
Անոր համաձայն, Պաքուի` ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցութեան հեռանկարը պիտի ուրուագծուի Քազանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի ընթացքին:
«Մենք կ՛ողջունենք մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն ուղերձը: Ազրպէյճանի դիմումը ընդունուած է Ռուսիոյ նախագահութեան կողմէ, եւ մենք զայն պիտի քննարկենք ՊՐԻՔՍ-ի բոլոր մասնակից անդամ երկիրներուն հետ: Անշուշտ, մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի դիմումին, ատոր մէջ ոչ մէկ կասկած կայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ՊՐԻՔՍ-ի որոշումները կ՛ընդունուին միաձայնութեամբ:
«Ես վստահ եմ, որ Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովէն ետք մենք աւելի յստակ պատկեր պիտի ունենանք», նշած է ան: