Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու. «Մոսկուան Պիտի Չբանակցի Քիեւի Հետ, Քանի Տակաւին Ուքրանիոյ Զինեալ Ուժերը Քուրսքէն Դուրս Չեն Շպրտուած»

Սեպտեմբեր 11, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Քիեւի հետ որեւէ բանակցութիւն պիտի չվարէ, քանի տակաւին Ուքրանիոյ ուժերը դուրս չեն շպրտուած Քուրսքի մարզէն: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:

«Շատ, շատ կարեւոր կէտ կայ` Քուրսքն է: Եւ այս պարագային մենք ոչ մէկ բանակցութիւն պիտի վարենք ահաբեկիչներու հետ, չենք վարեր եւ պիտի չվարենք», ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Շոյկու նաեւ ըսած է, որ Քուրսքի հիւլէական կայանը գրաւելու Ուքրանիոյ փորձը «ոչ այլ ինչ է, քան ահաբեկչութեան բարձրագոյն մակարդակ»:

«Մինչեւ մենք զանոնք մեր տարածքէն դուրս չշպրտենք, մենք, բնականաբար, անոնց հետ բանակցութիւններ պիտի չվարենք», ընդգծած է ան:

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիան Ռուսիոյ առաջարկած է համաձայնիլ չհարուածել Ուքրանիոյ ուժանիւթային կառոյցները, ներառեալ հիւլէական կայանները, սակայն Ուքրանիա մերժած է առաջարկը:

«Թուրքիան մեզի առաջարկեց չհարուածել ուժանիւթային կառոյցները, չհարուածել հիւլէական ուժանիւթի կեդրոնները եւ չհարուածել Սեւ ծովու առեւտրական ու քաղաքային նաւատորմիղը», ըսած է Շոյկու:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համամիտ գտնուած է առաջարկին, սակայն Ուքրանիան նախնական բանակցութիւններէ ետք մերժած է առաջարկուող համաձայնութիւնը:

 

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Կ՛ուզէ Տեղափոխել Մայրաքաղաքը

Յաջորդը

Աւելի Քան 13 Տարի Փակ Մնալէ Ետք. Դամասկոսի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատունը Վերաբացուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?