Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց սպանութեանը համար թուրք-ամերիկացի գործիչ Այշէ Նուրի, որ անցեալ շաբաթ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցումի դէմ բողոքի ցոյցի ընթացքին փամփուշտ ստանալով մահացած էր:
«Իսրայէլեան բանակը պէտք է հիմնական փոփոխութեան ենթարկէ իր գործողութիւններու գործադրման կերպը», ընդգծեց Պլինքըն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին յայտնեց, որ Այշէ Նուրի սպանութեան համար «զայրոյթ եւ մեծ տխրութիւն» կը զգայ` նշելով, որ անոր մահուան պատճառ դարձած կրակոցը «անընդունելի է»:
«Պէտք է Այշէ Նուրի սպանութեան շուրջ ամբողջական հետաքննութիւն կատարել, եւ Իսրայէլ պէտք է աւելին ընէ այսպիսի արկածներու երբեք չկրկնուելուն համար», ըսաւ Պայտըն` նշելով. «Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքները երկար ժամանակէ ի վեր կը կատարուին, եւ ծայրայեղական բնակեցուածները պաղեստինցիները արմատախիլ կ՛ընեն իրենց տուներէն»:
Պայտըն նախապէս յայտարարած էր, թէ թուրք-ամերիկացի գործիչին սպանութիւնը «պատահական արկած էր, փամփուշտը գետին դպնալէն ետք ուղղութիւնը փոխեց, եւ ան պատահաբար վիրաւորուեցաւ»: