Պաքուն «կողմնակալ եւ անարդար» որակած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ Եւրոպական խորհուրդին մէջ Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւնը:
11 սեպտեմբերին, Սթրազպուրկի մէջ Նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք Եւրոպական խորհուրդին մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը որդեգրած է յայտարարութիւն մը` Պաքուին կոչ ուղղելով վերջ տալու լրագրողներու եւ գործիչներու կամայական ձերբակալութիւններուն:
Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը Պաքուի այս գործելակերպը նկատած է մտահոգիչ` ընդգծելով, որ անկախ լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու կամայական ձերբակալութիւններուն թիւը կ՛աճի:
Պաքու Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութիւնը նկատած է «Ազրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտութիւն»: