Իսրայէլեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը աւարտած է պաղեստինեան Համաս շարժումի «Ռաֆահ» զօրամասի ոչնչացումը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին 162-րդ զօրամասի ստորաբաժանումները ճշգրիտ, հետախուզական տուեալներու վրայ հիմնուած, նպատակային գործողութիւններ կատարած են:
«Զօրքերը ոչնչացուցած են աւելի քան 2 հազար ահաբեկիչ եւ շուրջ 13 քիլոմեթր փապուղիներ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարած է Կազայի` Եգիպտոսի հետ սահմանին վրայ գտնուող Ֆիլատելֆիա առանցքի տարածքին մէջ Համասի զինեալներուն կողմէ փորուած ստորգետնեայ անցքերու եւ փապուղիներու 80 առ հարիւրի ոչնչացման մասին: