Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է նախագահի թեկնածուներ Տանըլտ Թրամփի եւ Քամալա Հարիսի միջեւ պատկերասփռուած առաջին բանավէճը, որ կազմակերպած էր «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը:
Փենսիլվանիա նահանգի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բանավէճը կրնայ միակը ըլլալ, որովհետեւ Թրամփն ու Հարիսը առայժմ չեն կրնար համաձայնիլ յաւելեալ նոյնպիսի բանավէճ մը կատարելու շուրջ:
Ինչպէս Թրամփ-Պայտըն պատկերասփռուած բանավէճի ժամանակ, այս անգամ եւս հանդիպումին հանդիսատեսներ ներկայ չեն եղած, սակայն ի տարբերութիւն նախորդին, Թրամփ-Հարիս բանավէճը սկսած է մրցակիցներու ձեռքսեղմումով:
Բանավէճի ընթացքին մրցակիցները քննարկած են շարք մը հարցեր, ներառեալ ռուս-ուքրանական տագնապը, Փութինի կողմէ «աջակցութիւնը», Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ ներգաղթի խնդիրները եւ այլն: Անոնք փոխանակուած են փոխադարձ մեղադրանքներով ու կշտամբանքներով:
Խօսափողը միացուած եղած է միայն տուեալ պահուն խօսք արտասանողին մօտ: Խօսքի համար կողմերուն տրամադրուած է երկու վայրկեան ժամանակ, եւ երկու յաւելեալ վայրկեան` հարցումին պատասխանելու համար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ մէկական վայրկեան` բացատրութիւններու համար:
Պատկերասփռուած բանավէճը տեւած է 1,5 ժամ, որուն ընթացքին Թրամփ խօսած է 42 վայրկեան, իսկ Հարիս` 37: Թեկնածուներուն արգիլուած էր յուշաթերթիկներ բերել, բանավէճի ընթացքին խորհրդակցիլ օգնականներու հետ եւ իրարու հարցումներ ուղղել: Այդ իրաւունքը միայն զրուցավարները ունէին:
Թրամփ բանավէճէն ետք յայտարարած է, թէ անիկա իր քաղաքական ասպարէզի ընթացքին լաւագոյնն էր:
«Կը կարծեմ` ասիկա երբեւէ իմ լաւագոյն բանավէճս էր, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ անիկա տեղի ունեցած է երեքը մէկի դէմ ձեւաչափով», «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած է ան:
Թրամփ բանավէճի ընթացքին անդրադառնալով Ուքրանիոյ տագնապին յայտնած է. «Ես կ՛ուզեմ, որ այս պատերազմը աւարտի: Ուքրանիոյ մէջ միլիոնաւոր մարդիկ կը զոհուին, ատիկա սարսափելի է»:
Ան նշած է, թէ Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ աւելի դրամ տուած է, քան Եւրոպան` աւելցնելով. «Ես շատ լաւ գիտեմ Զելենսքիին եւ Փութինին, անոնք զիս կը յարգեն. անոնք չեն յարգեր Պայտընը»:
Թրամփ դարձեալ պնդած է. «Ես պիտի դադրեցնեմ այս պատերազմը նոյնիսկ նախագահ դառնալէ առաջ»: Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ յանգեցնել համաշխարհային երրորդ պատերազմի, «մենք շատ մօտ ենք անոր»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն կը բխի, որ պատերազմը դադրեցուի»:
Հարիս յայտարարած է, որ «Ուքրանիան պէտք է պատերազմին մէջ յաղթէ»` աւելցնելով. «Թրամփը 24 ժամուան ընթացքին պիտի յանձնէ Ուքրանիան, եթէ զինք նախագահ ընտրեն»:
«Եթէ չըլլար մեր օգնութիւնը, Փութին արդէն Քիեւի մէջ նստած պիտի ըլլար: Մենք պիտի օգնենք Զելենսքիին, որովհետեւ հակառակ պարագային Փութինի զօրքերը Լեհաստանի մէջ պիտի ըլլան», ըսած է ան:
«Ուքրանիան պաշտպանուելու իրաւունք ունի եւ Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու աջակցութեան շնորհիւ կը շարունակէ դիմակայել ռուսական զօրքերն ու հակահարուած տալ: Մեր հրթիռներուն եւ սարքաւորումներուն շնորհիւ Ուքրանիան տակաւին գոյութիւն ունի եւ ինքզինք կը պաշտպանէ», յայտարարած է Հարիս:
Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն նաեւ յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգները պէտք է յառաջատար մնան միջազգային օրէնքներն ու կանոնները պաշտպանելու առումով»:
Հարիս նաեւ յայտարարած է, որ Իսրայէլը ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի` աւելցնելով. «Այս պատերազմը պէտք է աւարտի»:
Թրամփ յայտարարած է, որ տագնապը երբեք չէր սկսեր, եթէ ինք նախագահ ըլլար: «Ան (Հարիսը, «Ա.») կ՛ատէ Իսրայէլը: Եթէ ան նախագահ ըլլայ, կը կարծեմ, որ երկու տարի ետք Իսրայէլը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ», ըսած է հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն:
«Սի.Էն.Էն»-ի կատարած հարցախոյզին համաձայն, բանավէճը դիտած քուէարկողներուն 63 առ հարիւրին կարծիքով` Հարիսի ելոյթը աւելի յաջող էր, իսկ 37 առ հարիւրին կարծիքով` Թրամփի ելոյթը: